2014-02-20 12:39:55

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 20 փետրուարի քարոզը` ''Քրիստոսը ճանչնալու համար հարկ է քալել Անոր հետքերով''


Հինգշաբթի, 20 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, անդրադառնալով օրուան սուրբ գրային ընթերցումին շեշտը դրաւ առաքեալներուն ուղղուած Յիսուսի հարցումին ''Ո՞վ եմ Ես ձեզի համար''։
''Քրիստոսը ճանչնալու համար, քրիստոնէականը բաւարար չէ, այլ՝ պէտք է քալել Անոր քալած հետքերուն վրայ'' – յարեց Քահանայապետը - Երկար ճանապարհորդութեամբ է որ կրնանք ճանչնալ Զինքը, շնորհքի եւ մեղքի ուղեւորութեամբ։ Յիսուս, Սուրբ Պետրոսի եւ առաքեալներուն չ'ըսաւ ծանօթացիր Ինծի այլ ՝ հետեւէ Ինծի։
Ֆարնչիսկոս Պապը ապա հաստատեց ` թէ Յիսուսի հետեւելով է որ կը ճանչնանք Զինքը ՝ մեր առաքինութիւններով, մեղքերով…ու մեր առաքեալի կեանքով։Հարկաւոր է Տիորջ հետ ունենալ առօրեայ հանդիպում – շարունակեց Ան - , մեր տկարութիւններով ու մեր յաղթանակներով, սակայն այս ճանապարհորդութիւնը միայնակ չենք կրնար կատարել, անհրաժեշտ է արդ `Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը եզրափակեց ըսելով. ''Յիսուս ճանչնալը, Երկնաւոր Հօր պարգեւ մըն է, Ան է որ կը ծանօթացնէ մեզի Յիսուսը՝ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։ Նայինք Յիսուսին, Սուրբ Պետրոսին, առաքեալներուն, եւ մեր սրտին մէջ վերունկնդրե'նք այս հարցադրանքը` '' Ո՞վ եմ ես Քեզի համար''։ Առաքեալներուն նման, խնդրե'նք մեր Հօրմէն, որ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզի պարգեւէ շնորհքը ճանչնալու Քրիստոսսը՝ ու հասկնալու այս մեծ խորհուրդը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.